2014-01-31 12:36:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Հաւատոյ Ժողովի Լիանսիտ գումարի մասնակիցներուն հետ հանդիպում։


Ուրբաթ, 31 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարտինալ Մարիա Րոուքօ Վարելան` Մատրիտի Արքեպիսկոպոսը, գերապայծառ Պրունօ Միզարօ` Գուպայի մօտ առաքելական նուիրակը, գերապայծառ Վինսէնդ Կէրարտ Նիքոլս` Ուեսթմինսթերի Արքեպիսկոպոսը, գերապատիւ Հայր Ֆերնանտօ Նէրի` կաթողիկէ ''Նոմատելֆիա'' անուան հասարակութեան անդամ ու ապա Բրօֆ. Ֆրանքօ Միանոն` Իտալիոյ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի ազգային նախագահը։
Ժամը 12,15- անց, Սրբազան Քահանայապետը, Քլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց` Հաւատոյ Ժողովի Լիանսիտ գումարի մասնակիցներուն, մինչ երեկոյեան ժամը 6-ին, հանդիպում ունեցաւ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնիին հետ։
Հաւատոյ Ժողովի Լիանսիտ գումարի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց Հաւատոյ Ժողովի պարտականութիւններուն, որոնք սերտօրէն կապուած է Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առաքելութեան` եղբայրակիցները հաստատելու իրենց հաւատքին մէջ։ Այս ձեր գործունէութիւնը իսկական ծառայութիւն մըն է ի սպաս Սրբազան Քահանայապետի վարդապետութեան ու Համայն Եկեղեցւոյ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - Ասոր համար Հաւատոյ ժողովը յանձնառումով կ՛աշխատի որպէսզի հաւատքի չափանիշերը գերակշռեն Եկեղեցւոյ խօսքերն ու ընթացակարգը։
Վարդապետութեան միակ նպատակն է` ծառայել Աստուծոյ Ժողովուրդի կեանքին ու հաւաստիացնել մեր հաւատքին ստոյգ հիմք մը։ ''Ձեր գործունէութիւնը նկատի առնելու է նաեւ կառուցողական երկխօսութիւնը'' – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա հաստատեց թէ ''ճշմարտութիւնը հաւատարմութիւն կը պահանջէ եւ այս մէկը կ՛աճի սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան մէջ''։
Ձեր ծառայութեան մէջ կարենաք միշտ պահպանել ուրախութեան խոր զգացում – յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը - ''հաւատոյ ուրախութիւնը որուն ակնաղբիւրը Յիսուս Քրիստոսի մէջ կը գտնուի'' ըսաւ Ան ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց յանձնառումին` մանկամոլութեան հարցի քննարկումներու գծով ։Մտածեցէք միշտ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն որոնք Քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ պէտք են պաշտպանուիլ։ Ան ապա վստահեցուց իր աղօթքները, անոնցմէ խնդրելով որ փոխադարձօրէն աղօթեն իրեն համար, ու ապա ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.